Ուրանուս մոլորակը
Ուրանուս (լատիներէն՝ Uranus), Արեգակնային դրութեան Արեգակէն հեռաւորութեամբ ութերորդ, տրամագիծով երրորդ եւ զանգուածով չորրորդ մոլորակն է։
Յայտնաբերուած է 1781-ին, անգլիացի աստղագէտ Ուիլիամ Հերշելի կողմէ եւ անուանուած՝ ի պատիւ յունական երկինքի աստուած Ուրանոսին։
Ուրան դարձած է առաջին մոլորակը, որ յայտնաբերուած է «Նոր ժամանակներուն» եւ աստղադիտակի միջոցով[1]:
Ուրանոսի ամառն ու ձմեռը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ուրանուսը արեգակնային դրութեան ամէնէն տարօրինակ մոլորակներէն մէկն է:
Երկրագունդին թեքումէն է, որ կը յառաջանան եղանակները: Երբ հիւսիսային կիսագունդը դէպի արեւ թեքած է, հոն ամառ է: Իսկ երբ ան արեւէն հակառակ ուղղութեամբ թեքած է, ձմեռ է: Այս նոյնը կը պատահի հարաւային կիսագունդին պարագային: Սակայն Ուրանուսի վրայ մէկ կիսագունդ ամբողջովին դէպի արեւ թեքած է, եւ բեւեռներուն դիրքը շատ դանդաղօրէն կը շրջի, մինչեւ, մէկուկէս տարի ետք, Ուրանուս հակառակ դիրքի վրայ գտնուի:
Ասիկա վատ ազդեցութիւն կ'ունենայ Ուրանուսի եղանակներուն վրայ, ուր իւրաքանչիւր կիսագունդի վրայ ամառը եւ ձմեռը 42 տարի կը տեւեն[2]:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Ուրանոսի մասին»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2010-02-28-ին։ արտագրուած է՝ 2011-08-11
- ↑ Ուրանոսի ամառն ու ձմեռը