Jump to content

Զահրատ

Զահրատ
Պատկեր:.jpg
Ծննդեան անուն Zareh Ealtzjian
Նաեւ յայտնի է իբրեւ Zahrat
Ծնած է 10 Մայիս 1924(1924-05-10)
Ծննդավայր Կոստանդնուպոլիս, Թուրքիա[1]
Մահացած է 20 Փետրուար 2007(2007-02-20) (82 տարեկանին) կամ 21 Փետրուար 2007(2007-02-21)[2] (82 տարեկանին)
Մահուան վայր Պոլիս, Թուրքիա
Քաղաքացիութիւն  Թուրքիա
Ազգութիւն Armenia
Ուսումնավայր Բանկալթի մասնաւոր հայկական դպրոց
Մասնագիտութիւն բանաստեղծ, բժիշկ-գրող, գրագէտ
Ամուսին Անայիս Եալտըզճեան

Զահրատ (Զարեհ Եալտըզճեան, 10 Մայիս, 1924, Պոլիս - 20 Փետրուար, 2007, Պոլիս), սփիւռքահայ բանաստեղծ։

Բուն անունով Զարեհ Եալտըզճեան, ծնած է 10 Մայիս, 1924-ին, Կ. Պոլիս, Նշանթաշ թաղամասը։ 1942-ին աւարտած է Փանկալթըյի Վիեննական Մխիթարեան վարժարանը:

1940-ականներուն սկսած է գրել բանաստեղծութիւններ։ Իր տպագրեալ առաջին բանաստեղծութիւնը եղած է «Աստղ մը»ն, որ լոյս տեսած է «Ժամանակ» օրաթերթին 5 Սեպտեմբեր, 1943-ի թիւին մէջ։ Աշխատակցած է զանազան թերթերու եւ պարբերականներու։ Այնուհետեւ մէկ տարի ուսանած է դեղագործական վարժարանի մը մէջ։ Երեք տարի յաճախած է բժշկական համալսարան, սակայն կիսատ ձգելով, իբրեւ սպայ մտած է զինուորական ծառայութեան[3]: Ուսման տարիներուն, ան միաժամանակ աշխատած է տարբեր բնոյթի գործեր: Զահրատ եղած է Մխիթարեան սանուց միութեան հիմնադիր անդամը (1946), ինչպէս նաեւ խմբագիր միութեան «Սան» հանդէսին։ 1956-ին խումբ մը ընկերներով վարած է «Մարմարա» օրաթերթին կիսամսեայ գրական էջերը։

Ունի բանաստեղծական ութ ժողովածուներ, որոնք 2006-ին «Արաս» հրատարակչատան կողմէ ամփոփուած են երկու հատորներու մէջ։ Իսկ իններորդ հատորը՝ «Դդումի համ»ը հրատարակուած է յետմահու։ Իր գործերէն պատրաստուած են ընտրանիներ՝ հայերէն եւ օտար լեզուներով։ Իր քերթուածները թարգմանուած են 22 լեզուներու, արժանացած է զանազան շքանշաններու, պատուագիրերու եւ մրցանակներու։

Մահացած է 20 Փետրուար 2007-ին։ Մարմինը ամփոփուած է Շիշլիի ազգային գերեզմանատան մէջ։

Զահրատ հազուադէպօրէն գործածած է հետեւեալ ծածկանունները՝ Զարեկ, Իշխանաձուկ, Միքայէլ Թորոսեան, «Յ», «Զ» եւ Լուսարձակ։

Վկայութիւններ՝ Զահրատի մասին

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Զահրատը, առանց բաղդատականի, ուրիշ գիծ է: Ան ունի մտածելու իր ինքնուրոյն եղանակը, գրելու ոճը, որ իր ընթերցողը յաճախ անակնկալի կը բերէ:  Այսպէս է իրաւ գրականութիւնը[4]:
- Մարգար Շարապխանեան
Այս բանաստեղծը սրամիտ էր, յաճախ ընդվզող, նորարար, կը շարունակէր բերել լաւագոյն աւանդոյթները գրականութեան մէջ: Այս բանաստեղծը մնաց իր երկրին սիրահարը: Պէտք է հպարտանանք, որ ժողովուրդը ծնած է Զահրատ եւ պիտի ծնի Զահրատներ[5]:
- Սերժ Սրապոնեան


Զահրատի կարծիքը՝ ուսուցչութեան մասին

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
«Ուսուցիչ ըլլալ

Եւ սորվիլ ուզող ուղեղներէն ներս
Նոր գիտելիքներ ներմուծել ջանալ
փորձե՞ր էք բնաւ
Չէք գիտեր ինչ խոր հաճոյք է – կը զգաք –
Հեղ մը որ համը առիք – այրեցաք –
Չէք կրնար դիւրաւ պրծիլ ազատիլ
Ձեզի ո՞վ ըսաւ ուսուցիչ ըլլաք…»[6]:

  • «Մեծ քաղաքը», հրատ․ Կեդրոնական սանուց միութեան, Պոլիս, 1960, 161 էջ
  • «Գունաւոր սահմաններ», Պայքար տպարան, Պոլիս, 1968, 16 էջ
  • «Բարի երկինք», 25-ամեակի յոբելենական բացառիկ հրատ․ Մխիթարեան սանուց միութեան, Պոլիս, 1971, 112 էջ
  • «Կանանչ հող», հրատ․ Հայ արուեստի զարգացման միութեան (ՔԱԹՐԱ), Փարիզ, 1976, 30 էջ
  • «Մէկ քարով երկու գարուն», հրատ․ Ալեք Մանուկեան մշակութային հիմնարկի, Պոլիս, 1989, 192 էջ
  • «Ծուռ նստինք Կիկօ խօսինք», հրատ․ Մխիթարեան սանուց միութեան, 1994, 48 էջ
  • «Մաղ մը ջուր», հրատ․ Ալեք եւ Մարի Մանուկեան մշակութային հիմնադրամի, Պոլիս, 1995, 160 էջ
  • «Ծայրը ծայրին», Պոլիս, 2001, 96 էջ
  • «Ջուրը պատէն վեր», Պոլիս, 2004, 95 էջ
  • «Դդումի համ», «Արաս» հրատարակչութիւն, Պոլիս, Փետրուար 2009, 160 էջ
  • «Անտիպ թերթս», «Արաս» հրատարակչութիւն, Պոլիս, Ապրիլ 2012, 432 էջ

Թարգմանութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Gigo Poems (A Brief Biography of Gigo), թարգմանիչ՝ Յակոբ Խաչիկեան, The Giligia Press, Քալիֆորնիա, 1968, 28 էջ
  • Zahrad: Selected Poems, թարգմանիչ՝ Ռաֆֆի Սեթեան, Manna Publishing, Քանատա, 1974, 48 էջ
  • Yağ Damlası, թարգմանիչ՝ Յովհաննէս Շաշքալ, İyi Şeyler Yayıncılık, Պոլիս, 1993, 44 էջ
  • Ferah Tut Yüreğini, թարգմանիչ՝ Յովհաննէս Շաշքալ, «Արաս» հրատարակչութիւն, Պոլիս, Մայիս 2015, 240 էջ
  • «Եկեր եմ կ'երթամ այսպէս - որու ինչ», կազմող՝ Անայիս Եալտըզճեան, խմբագիր՝ Սեւան Տէյիրմենճեան, Պոլիս, 2012, 401 էջ։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Համայնապատկեր հանրապետական շրջանի իսթանպուլահայ գրականութեան, հրատ. Արամեան սանուց միութեան, Պոլիս, 1957։
  • Զահրատ, «Անտիպ թերթս», հրատ. «Արաս» հրատարակչատան, Պոլիս, Ապրիլ 2012։
  • «Զահրատ 75 տարեկան», հրատ․ Սահակեան սանուց միութեան, Պոլիս, 1999։
  • Ծաղկաքաղ Սփիւռքահայ Գրականութեան, Պէյրութ 2009, էջ (287):

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]